ՕՐԷ ՕՐ
Aret Gıcır
7 Մայիս - 4 Յունիս 2016
Έναρξη: 7 Մայիս, Շաբաթ, 16։00- 19։00
Արէտ Կըճըրի անհատական երրորդ ցուցահանդէսը՝ «Օրէ օր», 7 Մայիս-4 Յունիս 2016 թուականներու միջեւ պիտի կայանայ Ղալաթիոյ յունաց վարժարանին մէջ։ Բացումը պիտի կատարուի 7 Մայիսին, Շաբաթ, ժամը 16։00-19։00- ի միջեւ։
Արէտ Կըճըր, «Օրէ օր» խորագրեալ այս ցուցահանդէսով, կը մեկնի «ֆրոնթօթեմփորալ տեմանս»էն, որ բժշկական անուանումն է Պոլսոյ հայոց Մեսրոպ Բ պատրիարքը (Մեսրոպ Մութաֆեան) տարիներէ ի վեր անգիտակից վիճակի մը մէջ անկողնին գամած հիւանդութեան, եւ կը սեւեռէ յիշողութիւնը, պատմութիւնը, մոռացումը եւ ժամանակը՝ առկախուած կեանքի ու մահուան միջեւ։
Ցուցահանդէսը, որ իր անունը կ՚առնէ վաղամեռիկ բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանի հրատարակուած առաջին քերթուածէն, որպէս զուգահեռ հոլովոյթներ կը յղանայ պատրիարքին փակ գիտակցութիւնը եւ այս նիւթին շուրջ հիւսուող յերիւրանքներն ու տագնապած հանրային յիշողութեան օրէ օր թառամիլը։
1978-ին ծնած Արէտ Կըճըր 2008-ին աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստից պետական ակադեմիոյ գեղանկարչութեան բաժինը։ «Երեւան» խորագրեալ անհատական առաջին ցուցահանդէսը 2009-ին կայացած է Թոքաթլեան խանի մէջ։ 2013- ին մասնակցած է Moon and Stars Project – SVA-ի Նիւ Եորքի արուեստագէտներու կեցութեան։ Արուեստագէտին անհատական երկրորդ ցուցահանդէսը՝ «Ընդ հուր եւ ընդ սուր» խորագրով, 2015-ին իրականացաւ Öktem&Aykut-ի մօտ։ Արէտ Կըճըր կը շարունակէ ստեղծագործել Իսթանպուլի մէջ։